Միացեալ Նահանգներու արդի պատմութեան մէջ 11 Սեպտեմբեր 2001-ը անկիւնադարձային օր կը համարուի: Ոչ միայն այդ ահաբեկչական դէպքին տարողութեան եւ աննախընթաց ըլլալուն համար, այլ նաեւ «քաղաքական իսլամ»ը հանելով բախումներու եւ պարանաձգութեան միջազգային բեմահարթակ: Այդպիսով Րատիքալ իսլամը դարձնելով նոր «զէնք» ու պարտադրելով խաղի նոր կանոններ: Ամերիկայի` Իրաք ներխուժէն բացի (2003) 9/11-ի «պատահար»ը կը համարուի «ամերիկեան կայսրութեան» ապրած ամէնէն տրամաթիք դէպքը: Մինչ առաջինի պարագային ու հակառակ իր ունեցած մասնակի կորուստներուն, ԱՄՆ ֆիզիքական մասնակցութեամբ կը մտնէր Միջին Արեւելքի «տաք գօտիներու»ն մէջ, երկրորդի պարագային «Ալ Քահիտա»ի կերպարանքով կայսրութեան նոր «թշնամին» կը մտնէր ամերիկեան կեանքի տարբեր շերտերուն մէջ: Չպէտք է մոռնալ նաեւ, որ ԱՄՆ-ի համար էական էր ստեղծել «նոր հրէշ» մը եւ ամէն գնով պատերազմիլ ու յաղթանակ տանիլ այդ հրէշին դէմ: Մէկդի դնելով դաւադրութեան տեսութեան մը բոլոր մօտեցումները, յստակ էր նաեւ, որ «Ալ Քահիտա»ն, որպէս «նուիրականացած» թշնամի մը տեսնող Ուաշինկթըն կը նախապատրաստէր «Նոր Միջին Արեւելք» մը կերտելու իր յառաջիկայ «խաղ»ը: Այսպէս Պաղտատի, Մուսուլի, Նինուէի, Դամասկոսի, Հալէպի, Իտլիպի եւ այլ շրջաններու մէջ ամերիկեան արիւնոտ քաղաքականութեան երեսները կամաց- կամաց գործադրութեան դրուելով տարաջինջ դարերէ ի վեր տարբեր ցեղային փոքրամասնութիւններու համար ապրելու նուիրական աւազան դարձած այդ հողատարածքները: Արիւնով կը ներկուէր ամէն ինչ: Մզկիթներ, եկեղեցիներ, հաւատքի ամրոցներ, լոյսի շտեմարաններ գետնին կը հաւասարացուէին, ու այդ տեղանքին վրայ կը ծածանէր Ամերիկայի համար «նուիրականացած» ու Միջին Արեւելքի «դժբախտ» ժողովուրդներուն համար «նուիրագործուած» «Ալ Քահիտա» շարժումի մէկ մերձաւորը, որուն տրուած էր Տահէշ անունը: Սեւ դրօշակներով, արիւնով, բռնութեան եւ ատելութեան ամէնէն սոսկալի «ներուժ»ով մէջտեղ ինկած րատիքալիստները 11 Սեպտեմբերի անկանխատեսելի տեսարանները կը փոխադրէին մարդկային քաղաքակրթութեան արշալոյսին ականատես եղած արեւելքի աւազաններ: Իսկ տարածքաշրջանի փոքրամասնութիւնները ամէն օր կ'ապրէին 11 Սեպտեմբերի ողբերգութիւնն ու ահը: Ամերիկեան նոր Միջին Արեւելք ստեղծելու քաղաքականութիւնը այսօր մեր ետին է: Իսկ ձախողած, սուտ, կեղծ եւ բոլոր ժողովուրդներուն համար, միայն ողբերգութիւն բերող այդ քաղաքականութեան յաջորդ փուլը՝ մեր դիմաց: Ու տակաւին յստակ ալ չէ, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչ «զէնքերով» պիտի խօսի արեւելքի ժողովուրդներուն հետ, միայն թէ յստակ է, որ այսօրուան աշխարհին համար քաղաքակրթութիւններու հիմնական թշմանին րատիքալ իսլամն է, որուն գործելաոճին, կատարած աւերածութիւններուն ու ներկայացուցած սպառնալիքներու առաջ Ուաշինկթըն կը փորձէ իբրեւ թէ զինուորագրել ամբողջ աշխարհը, ցոյց տալով, որ Սպիտակ Տունը կը միտի իրապէս դառնալ, բարի, խաղաղ, համերաշխ եւ ստեղծագործ աշխարհի մը «պահապան հրեշտակ»ը: Այսքանէն անդին յստակ է նաեւ, որ խաղերուն ընթացք տուողը այդ նոյն րատիքալիստ իսլամին ետին կանգնողներն են, որ ասկէ 15 տարի առաջ 11 Սեպտեմբեր 2001-ին «Ալ Քահիտա» ն ու անոր բոլոր արբանեակները «նուիրականացուց»ին, անոնց էական բոլոր կարողութիւնները դնելով մեր աշխարհի գերագոյն ուժ եւ «տէր» ներկայացող Միացեալ Նահանգներուն ոտքերուն տակ: