44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողները, 13 ապրիլին, 24-ժամեայ նստացոյց յայտարարած են Քննչական Կոմիտէի դիմաց, փակած են Մամիկոնեանց փողոցը:
Մեծ թուով ոստիկաններ պատ կազմած են, որ ցոյցի մասնակիցները չմօտենան ՔԿ շէնքին:
Ծնողները կը պահանջեն պատասխանատւութեան ենթարկել 12 ոստիկաններ, որոնք «Եռաբլուր»ի մէջ սեպտեմբեր 21-ին մարմնական վնասուածքներ հասցուցած են զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն:
Անոնք կը բողոքեն, որ մինչ օրս որեւէ ոստիկանի մեղադրանք չէ առաջադրուած: