image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահուն յայտարարած է , որ Իսրայէլը չէ համաձայնած «Համաս»-ի զինաթափման վերաբերեալ Խաղաղութեան խորհուրդի ծրագրին

Նաթանիահուն յայտարարած է , որ Իսրայէլը չէ համաձայնած «Համաս»-ի զինաթափման վերաբերեալ Խաղաղութեան խորհուրդի ծրագրին

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու յայտարարած է, որ իր երկիրը չէ համաձայնած Կազայի հատուածին մէջ իրադրութեան կարգաւորման շրջածիրէն ներս «Համաս»-ի զինաթափման վերաբերեալ անցեալ շաբաթ ընդունուած ծրագիրին։

Այս մասին կը հաղորդէ The Times of Israel-ը։

«Նախագահ Թրամփ կը կարծէ, կամ անոր խումբը կը կարծէ, որ կրնան «Համաս»-ը ստիպել զինաթափուելու եւ Կազան ապառազմականացնելու։ Մենք այդ հարցը կը քննենք։ Անոնք մեզի նախագիծ մը ղրկած են։ Մենք ատոր չէինք համաձայնած։ Այդ մեր նախագիծը չէր»,– տեսաուղերձով յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետը։

Ինչպէս նշած է Նաթանիահու, Իսրայէլ իր զօրքերը Կազայի ներկայ դիրքերէն դուրս պիտի չբերէ, մինչեւ «Համաս»-ի ամբողջական զինաթափումը։

 

Պարբերականը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին, որ Նաթանիահուի յիշատակած ծրագիրը Իսրայէլի հետ քննարկման առարկայ չէ, քանի որ այն «Համաս»-ի հետ առանձին բանակցութիւններու արդիւնք է, իսկ զինաթափման առաջարկը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ 20 կէտէ բաղկացած ծրագիրին շարունակութիւնն է, որ Իսրայէլ արդէն ընդունած էր 2025 թուականի աշնան։