image

Զոհ մը եւս... «Աքքար»ի պայթումի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 31-ի

 Զոհ մը եւս... «Աքքար»ի պայթումի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 31-ի

 Կիրակի արեւծագին Լիբանանի Աքքար նահանգի «Թիլէյլ» շրջանի մէջ պատահած մեծ պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը բարձրացաւ ՝ 31-ի։

 

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք  «Ալ Նահար» օրաթերթէն։

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ կիրակի օրուան պայթումին հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած, լիբանանեան բանակի 22 -ամեայ զինուոր Նաժի Ապտալլան, որ կը գտնուէր բժիշկներու խնամքին տակ մահացաւ։ 

 

 Զոհին ծնողները, որ այսօր խօսեցան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին նշեցին, որ իրենց զաւակը երկար ժամանակով կորսուած համարուած է ու ապա ծանր վիճակով մը տարուած է հիւանդանոց։ Անոնք նաեւ նշեցին, որ բանակային զինուորը լսելէ ետք, որ վառելանիւթ կը տրամադրուի «Թէլյէլ» աւանին մէջ (զոհը եղած է «Թիլէյլ» աւանի հարեւան համարուող «Խըրպէթ շար» գիւղէն) գացած է եւ իր հայրենակիցներուն նման փորձած է պէնզին ստանալ։ 

 

 Այսպիսով «Թիլէյլ» շրջանի պայթումին հետեւանքով զոհուածներու թիւը կը բարձրանայ 31-ի, տխուր էջ մը աւելցնելով, ծանր օրեր ապրող Լիբանանի ընդհանուր տարեգրութեան մէջ։