Սեպտեմբեր 18-ին Փաքիստանի հիւսիս-արեւմուտքը՝ մզկիթներէն մէկուն մօտ տեղի ունեցած պայթումին եւ կրակոցներուն հետեւանքով զոհերու թիւը արդէն անցած է 30-ը։ Աւելի քան 100 մարդ վիրաւորուած է։ Մզկիթին պատերէն մէկը փլած է։ Վնասուած են նաեւ մերձակայ շէնքերը։
Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ մզկիթը կը գտնուէր ոստիկանութեան բաժանմունքի հարեւանութեամբ։ Վիրաւորներու շարքին կան նաեւ ոստիկաններ։
Հաղորդուած է, որ պայթումը իրագործած է ինքնասպան ահաբեկիչը։ Սակայն որեւէ խմբաւորում տակաւին չէ ստանձնած տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը։
Նշուած է նաեւ, որ մզկիթին մօտ տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները վնասազերծած են վեց կասկածեալներ։