image
Հրատապ լուրեր:

Քաթարի մէջ բնական կազի գործարանին մէջ պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած է 54 մարդ, 18-ն անհետ կորսուած է

Քաթարի մէջ բնական կազի գործարանին մէջ պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած է 54 մարդ, 18-ն անհետ կորսուած է

Քաթարի Ռաս-Լաֆֆան արդիւնաբերական քաղաքին մէջ գործող երկրի գլխաւոր հեղուկացուած բնական կազի վերամշակման գործարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած է 54 մարդ, եւս 18-ը անհետ կորսուած է։

Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Քաթարի ներքին գործոց նախարարութեանձ

Նշուած է որ պայթումը տեղի ունեցած է շահագործման սխալի հետեւանքով։

Գերատեսչութիւնը յայտարարած է, որ գործարանէն որեւէ արտահոսք չի եղած, որ կրնայ վտանգ ներկայացնել հանրութեան համար։

Տոհայէն մօտ 80 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Ռաս Լաֆֆան արդիւնաբերական քաղաքին մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենամեծ հեղուկացուած բնական կազի արտահանման կառոյցը, որ կ՚արտադրէ համաշխարհային մատակարարման մօտ մէկ հինգերորդը։

Մարտին Քաթարի կառավարութիւնը յայտարարած էր, որ արդիւնաբերական կեդրոնը «զգալի վնաս» կրած է իրանական հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներու թիրախ դառնալէ ետք։

QatarEnergy-ն յարձակումներէն ետլ իր որոշ պայմանագիրներուն մէջ կիրառած է ֆորսմաժորային դրոյթը՝ մատակարարման պարտաւորութիւններէն ազատելու համար, որ ազդած է Իտալիոյ, Պելժիոյ, Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի յաճախորդներու վրայ։