image

Պապ Թագաւորի փողոցի մալուխագիծի պայթումի առնչութեամբ ներքին հետաքննութիւն պիտի կայացուի․ Ռոմանոս Պետրոսեան

Պապ Թագաւորի փողոցի մալուխագիծի պայթումի առնչութեամբ ներքին հետաքննութիւն պիտի կայացուի․ Ռոմանոս Պետրոսեան

Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի Պապ Թագաւորի փողոցի վրայ (նախկին՝ Ամիրեան փողոց) տեղի ունեցած ՀԵՑ-ի բաշխման ցանցի մալուխագիծի վթարի իրական պատճառները պարզելու նպատակով պիտի իրականացուի ներքին հետաքննութիւն։ Այս մասին դիմատետրեան գրառմամբ ըսած է ՀԵՑ-ի ժամանակաւոր կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեանը։

Ստորգետնեայ մալուխագիծի վթարը տեղի ունեցած է յուլիս 31-ին։ Դէպքի պահուն փողոցին վրայ քաղաքացիներ կը գտնուէին։ Մալուխի պայթումի հետեւանքով տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս խափանուած էր ելեկտրամատակարարումը։

«Այն է՝ սպառման բեռի կտրուկ բարձրացումից զատ, նաեւ օգտագործուած մալուխի եւ իրականացուած աշխատանքի որակի, օգտագործուած կցորդիչի որակի, ինչպէս նաեւ ՏԻՄ կոմունալ ծառայութիւնների կամ այլ շինարարական աշխատանքների կատարման ընթացքում հնարաւոր ֆիզիկական ներգործութեան հաւանականութիւնն ու դրանց հնարաւոր ազդեցութիւնը վթարի առաջացման վրայ, կ՚իրականացուի ներքին հետաքննութիւն»,- գրած է Պետրոսեանը։

Ան աւելցուցած է, որ ներգրաւուած է նաեւ ՆԳՆ Փրկարար ծառայութիւնը։