Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը յայտարարած է, որ ամէնօրեայ պարեկութեան արդիւնքով չէ նկատած ռազմական տեղաշարժ կամ զօրքերու կուտակում յատկապէս Լաչինի միջանցքի մուտքի մօտ՝ փաստացի հերքելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի սահմանին զօրքերու կուտակման վերաբերեալ :
Թուիթըրի իր էջին Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը մասնաւորապէս գրած է .
«ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ամէնօրեայ ռեժիմով կը դիտարկէ ռազմական եւ անվտանգային իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով: Տեղւոյն վրայ հաւաքուած տեղեկատւութեան համաձայն, մենք չենք տեսներ որեւէ անսովոր տեղաշարժ կամ զօրքերու կուտակում յատկապէս Լաչինի միջանցքի մուտքի մօտ: Առաքելութիւնը կը շարունակէ իրականացնել պարեկութիւն տուեալ տարածքին մէջ»:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը յայտարարած էր, թէ իբր հայ-ատրպէյճանական սահմանին կուտակումներ կան: Այս ապատեղեկատւութիւնը հերքած էր ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ այդ ստայօդ տեղեկութիւններու տարածումը կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ իրադրութիւնը լարելու Ատրպէյճանի մտադրութեան մասին: