image

Վերին Լարսի մէջ հերթական կուտակումներ

Վերին Լարսի մէջ հերթական կուտակումներ

Վերին Լարս անցակէտի վրայ շուրջ 3,3 հազար բեռնատար կը սպասէ ռուս-վրացական սահմանով անցնելուն։ Այս մասին յայտնած է «Sputnik Грузия»-ն՝ Հիւսիսային Օսիայի ճանապարհային երթեւեկութեան կազմակերպման կեդրոնին յղումով։

Ռուսական կողմէն Վրաստան մուտք գործելուն կը սպասէ ընդհանուր առմամբ 3276 բեռնատար։

Հաղորդուած է, որ Մցխեթա-Ստեփանծմինդա-Լարս միջազգային նշանակութեան ճանապարհի Կուտաուրի-Քոպի հատուածին մէջ երթեւեկութիւնն արգիլուած է կցորդիչներով եւ կիսակցորդիչներով մեքենաներու համար։ Սահմանափակումները մտցուած են ձիւնի եւ երկասառոյցի պատճառով։ Միւս տեսակի փոխադրային միջոցներու համար երթեւեկութիւնն ազատ է։

«Sputnik Արմենիա»ն, իր հերթին, յայտնած է, որ Վերին Լարսի ճանապարհին շուրջ 1500 հայկական բեռնատար կանգնած է։

«500 բեռնատար ՀՀ-էն Ռուսիոյ Դաշնութեան ուղղութեամբ կը սպասէ ճանապարհը բացուելուն, 1000 բեռնատար ալ` հակառակ ուղղութեամբ»,– աղբիւրի հետ զրոյցին նշած է Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մաքսային կցորդ Վահան Յակոբեանը։