image

Զենտա Գնաճեան-Թաթոյեանի բարերարութեամբ՝ նուէրներ Հալէպի երեխաներուն

Զենտա Գնաճեան-Թաթոյեանի բարերարութեամբ՝ նուէրներ Հալէպի երեխաներուն

Օրերս, Նոր Տարուան սեմին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի օրհնութեամբ եւ հալէպահայ բարերար տիկ. Զենտա Գնաճեան-Թաթոյեանի նուիրատուութեամբ, Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը շարունակելով իր գործունէութիւնը նուէրներով ուրախացուցած է հալէպահայ փոքրիկները։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝

Բերիոյ Հայոց Թեմի հովանաւորութիւնը վայելող Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը երկար տարիներէ ի վեր Հալէպի մէջ կը գործէ օգտակար դառնալու հալէպահայ այն ընտանիքներուն, որոնք կարիք ունին առողջապահական, ընտանեկան եւ այլ ոլորտներու մէջ իրենց նիւթական կամ բարոյական դժուարութիւնները յաղթահարելու:

Խորհուրդին աշխատանքին ծաւալը կ'ընդգրկէ կարիքաւոր ընտանիքներուն տան վարձքերը վճարել, անգործութենէ տառապող անձերուն գործ հայթայթել, կտակարարներուն լրիւ հոգատարութիւնը կատարել, անտէր տարեցներուն տէր դառնալ, առողջապահական ուղեգիրներուն աշխատանքը դասաւորել, ընտանեկան հարցերով տառապող պարագաները ուղղել՝ խորհուրդներ եւ ցուցմունքներ տալով անոնց, ու դեռ աշխատանքին ցանկը երկար է...:

2011-ին, Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով հալէպահայութեան նիւթական իրավիճակը հետզհետէ կը դժուարանար սղաճին պատճառով, սակայն Խորհուրդը սիրայօժար կը շարունակէր իր աշխատանքը՝ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով կարիքաւոր ընտանիքներուն, մանաւանդ Քորոնա ժահրի համաճարակի օրերուն, Խորհուրդը դարձեալ օգտակար դարձաւ հիւանդներուն առողջապահական անհրաժեշտ պէտքերը ապահովելով, ինչպէս՝ դեղորայք, ջերմաչափ եւ թթուածինի սարքեր: Հալէպի աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Խորհուրդին աշխատանքները կրկնապատկուեցան՝ տարեցներուն եւ ուսանողներուն համար լուսաւորութեան սարքեր ապահովելով, առաւել եւս կարիքաւորներուն սննդակողովներ եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով:

Ներկայիս Խորհուրդը կը շարունակէ դեղորայքի բաժին մը վերցնել, կարիքաւորներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել եւ ամսական դրութեամբ համայնքի նորածին փոքրերուն ներքնազգեստ բաշխել:

Այսօր, Նոր Տարուան սեմին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հայրական օրհնութեամբ եւ հալէպահայ բարերար տիկ. Զենտա Գնաճեան-Թաթոյեանի նուիրատուութեամբ, Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդին վստահուեցաւ նուէրներով մեր փոքրիկները ուրախացնել:

Քաղաքին մէջ տիրող այս ճնշող ու դժուար պայմաններուն մէջ, դժբախտաբար, մեր երեխաները չեն ապրիր իրենց բնականոն մանկութիւնը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է զանազան նախաձեռնութիւններով ուրախութիւն ներմուծել անոնց հոգիներուն մէջ: Կը մաղթենք, որ յառաջիկայ օրերուն խաղաղութիւն կը տիրէ եւ մեր երեխաները կ'ապրին ուրախ եւ անհոգ մանկութիւն:

Այս առիթով, երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ հայրական հոգածութեամբ նեցուկ կը կանգնի Թեմի զաւակներուն բարօրութեան նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւններուն:Շնորհակալութիւն եւ վարձքը կատար նաեւ ազնիւ բարերարուհիին։