Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շարունակուած են շաբաթական Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հանդիպումները՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի տնօրինութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթական դրութեամբ կը շարունակուին Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հանդիպումները, կատարողութեամբ՝ ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեանի։
Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2026-ին, Սուրբ Գիրքի սերտողութեան նիւթն էր՝ Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակի հետեւեալ հատուածը «Նեղութիւններու մէջ համբերութիւն» (Յկ 5.7-12)։
Հայր Սուրբը մատնանշեց մինչեւ Տիրոջ գալուստը՝ համբերատար ըլլալու եւ մեր հաւատքին վրայ հաստատուն մնալու կարեւորութիւնը, Աստուածաշունչէն օրինակ բերելով Յոբը, Դաւիթ մարգարէն, Յովսէփը եւ Պօղոս առաքեալը, որոնք փորձութիւնները համբերութեամբ կրեցին եւ Աստուծոյ զօրութեամբ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեցին՝ հասնելու իրենց վերջնական նպատակին, որն է Յաւիտենական Կեանքին արժանի դառնալը։
Հայր Սուրբը խօսելով համբերատար եւ ոչ համբերատար անհատներուն մասին յայտնեց, թէ համբերութեամբ լեցուն մարդը կը ճանչնայ Աստուծոյ խոստումը եւ կ՚ընդունի զայն, մինչ անհամբերը կեղծաւորաբար կը ձեւացնէ, թէ գիտէ Աստուծոյ ծրագիրը, բայց իրականութեան մէջ չի ճանչնար զայն։
Հայր Սուրբը մաղթեց, որ հաւատացեալները համբերութեամբ լեցուին եւ իրենց հաւատքին վրայ պինդ մնան։
Աւարտին, եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։