image
Հրատապ լուրեր:

«Նոր Սուրիան համատեղ պատասխանատուութիւն է». Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Հալէպի ապահովութեան հրամանատարին մօտ

«Նոր Սուրիան համատեղ պատասխանատուութիւն է». Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Հալէպի ապահովութեան հրամանատարին մօտ

Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր կարգին բարձր գնահատեց ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղութեան տարուող աշխատանքները՝ ընդգծելով, որ նոր Սուրիոյ կառուցումը համատեղ պատասխանատուութիւն է եւ կը պահանջէ բոլոր քաղաքացիներուն ու հաստատութիւններուն գործակցութիւնը՝ վստահութեան, համագործակցութեան եւ մէկ հայրենիքի պատկանելիութեան ոգիով։

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական «Բեթել» եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2026-ին այցելեց Հալէպի նահանգի Ներքին Ապահովութեան հրամանատար գնդապետ Մոհամմէտ Ապտուլ Ղանիին եւ Համայնքի կողմէ յուշանուէր յանձնեց անոր՝ առ ի գնահատանք Հալէպի նահանգին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդումին համար, ինչպէս նաեւ Ներքին Ապահովութեան ուժերու սպաներուն, ծառայողներուն եւ համապատասխան ապահովական մարմիններուն գործադրած ջանքերուն։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ժողովուրդը յուզող շարք մը հարցեր եւ միտքեր փոխանակելու ներկայ հանգրուանին պետական կառոյցներուն եւ հասարակութեան տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ վստահութեան, համագործակցութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան ամրապնդումի կարեւորութեան շուրջ՝ ի նպաստ Սուրիոյ վերականգնումին եւ ապագայի կերտումին։

Իր կարգին, գնդապետ Մոհամմէտ Ապտուլ Ղանի իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին եւ անոր հաստատութիւններուն կողմէ բնակչութեան մատուցուող ծառայութիւններուն համար, յատկապէս կրթական, ընկերային եւ ազգային բնագաւառներուն մէջ։ Ան արժեւորեց համայնքին ներդրումը հասարակական համախմբուածութեան, քաղաքացիական պատասխանատուութեան եւ հայրենիքին նկատմամբ պատկանելիութեան ամրապնդման համար ։

Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր կարգին բարձր գնահատեց ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղութեան տարուող աշխատանքները՝ ընդգծելով, որ նոր Սուրիոյ կառուցումը համատեղ պատասխանատուութիւն է եւ կը պահանջէ բոլոր քաղաքացիներուն ու հաստատութիւններուն գործակցութիւնը՝ վստահութեան, համագործակցութեան եւ մէկ հայրենիքի պատկանելիութեան ոգիով։

Հանդիպումին ներկայ էին Ներքին Ապահովութեան հրամանատարի ապահովական հարցերու տեղակալը, հրամանատարի գրասենեակի տնօրէնը եւ տիար Ճորճ Պախխաշ։

Այցելութեան աւարտին Վեր. Դոկտ. Սելիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց գնդապետ Մոհամմէտ Ապտուլ Ղանիին ջերմ ընդունելութեան եւ կառուցողական զրոյցին համար՝ մաղթելով իրեն եւ Ներքին Ապահովութեան բոլոր ծառայողներուն յաջողութիւն իրենց առաքելութեան մէջ՝ ի բարօրութիւն Հալէպի, Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին։