Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքին գերի ինկած է 250-300 ռուս ժամկէտային զինուոր: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչը:
«Առնուազն 250-300-ն են, միայն ժամկէտային զինուորներ են, այսօր հերթական ասուլիսը տուած են Քիեւի մէջ, շատ հետաքրքրական բաներ պատմած են», ըսած է Արեսթովիչը:
Ըստ անոր` «խօսքը 15-րդ առանձին մոթոհրաձգային բրիգադի գերի վերցուցած ժամկէտային զինուոր-հետախոյզներու մասին է, որոնք նախապէս կռուած են Սուրիոյ մէջ, եւ խաղաղապահներու մասին, որոնք եղած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ կռուած են Տոնպասի մէջ»: