Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին իր ելոյթի ժամանակ յայտարարած է, որ Ռուսիա Մոլտովայի վրայ յարձակելու ծրագիր կը նախապատրաստէ։ Այս մասին յայտնած է ՌԻԱ Նովոստին՝ նշելով, որ Ուքրանիոյ առաջնորդը, սակայն, որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուցած։
«Մինչ մենք կը բանակցինք, թէ ինչպէս ամրապնդենք մեր պաշտպանութիւնը ժամանակակից հրասայլերով, Քրեմլինը կը մտածէ՝ ինչպէս խեղդէ Մոլտովան», -ըսած է Զելենսքին։
Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած, որ Ռուսիան կը ծրագրէ գրաւել հետխորհրդային տարածաշրջանի միւս պետութիւնները եւս։