image

Իսրայէլ մտադիր է սպառազինութեան ոլորտի մէջ անկախանալ ԱՄՆ-էն. Նաթանիահու

Իսրայէլ մտադիր է սպառազինութեան ոլորտի մէջ անկախանալ ԱՄՆ-էն. Նաթանիահու

Իսրայէլին անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ սպառազինութեան ոլորտի մէջ Միացեալ Նահանգներէն ունեցած կախուածութենէն եւ ստեղծել սեփական անկախ սպառազինական արտադրութիւն։ Այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է հրէական պետութեան վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։

«Ես կը ցանկամ անկախութիւն սպառազինութեան ոլորտի մէջ։ Խորապէս կը գնահատեմ մեր ամերիկացի ընկերներուն աջակցութիւնը, սակայն մեզի անհրաժեշտ է ազատիլ կախուածութենէն եւ ստեղծել սեփական անկախ սպառազինական արտադրութիւն։ Մենք պէտք է արտադրենք մեր սեփական զէնքը»,– ըսած է Նաթանիահու Յորդանան գետի արեւմտեան ափին վրայ զինավարժներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին։

Նաթանիահու նշած է, որ Իսրայէլ ներկայիս կը դիմագրաւէ Իրանն ու անոր արբանեակ ուժերը։

«Մենք հարուածներ հասցուցած ենք անոնց, եւ սա տակաւին վերջը չէ, սակայն ամէն ինչ կախեալ է մեր ուժէն։ Այն, թէ 30 տարի ետք ուր պիտի գտնուինք, կախեալ է մեր ուժէն։ Հետեւաբար, այն ինչ հիմա կ՚ընենք, հսկայական հզօրութեան կուտակում է»,– աւելցուցած է իսրայէլացի վարչապետը։