 
                    «Զանգեզուրի միջանցք»ի շինարարական աշխատանքներն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին կը մօտենայ աւարտին, ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:
«Ատրպէյճանը տեղւոյն մէջ բարդ աշխատանքներ կ՚իրականացնեն տարածաշրջանային փոխադրային եւ լոճիսթիք կապ հաստատելու համար», -յայտարարած է Հաճիեւը։
Յիշեցնենք, որ այսօր, Ատրպէյճանի նախագահի յանձնարարականներուն համաձայն, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դեսպանատուներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները այցելած են Մեխակաւանի եւ Կովսականի շրջաններ։
Անոնք ծանօթացած են «Զանգեզուրի միջանցք»ի ատրպէյճանական հատուածի շինարարութեան:
Դիւանագէտներն այցելած են նաեւ Հակարիի երկաթուղային կայարան, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի մաս կը կազմէ։
Պատուիրակութեան կ՚ուղեկցէր Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը: