image

« «Զանգեզուրի միջանցք» չի լինելու». Սիւնիքի մարզպետ

« «Զանգեզուրի միջանցք» չի լինելու». Սիւնիքի մարզպետ

«Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը ո՛չ բանակցութիւններու մէջ կայ, ո՛չ ալ փաստաթուղթերու։ Քաջարանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս յայտարարութիւնն ըրած է Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը։

Անոր խօսքով` ինչպէս պաշտօնական Երեւանը կը հերքէ եւ կը բացառէ «Զանգեզուրի միջանցքի» ըլլալը, այնպէս ալ` ինքը։

«Վստահ եմ, որ Սիւնիքի ողջ բնակչութիւնն այս հարցում միանշանակ կարծիք ունի`«Զանգեզուրի միջանցք» չի լինելու, դրա մասին խօսելն ուղղակի անիմաստ է, այս խօսոյթը զարգացնելը նաեւ մեր կողմից չպէտք է լինի։ Կայ յստակ դիրքորոշում` չի լինելու, եւ այստեղ պէտք է լինի վերջակէտ»,– ընդգծած է մարզի ղեկավարը։

Ան աւելցուցած է, որ, անշուշտ, Ատրպէյճանը շատ բաներ պիտի փորձէ օրակարգ բերել, սակայն մենք պէտք չէ այդ հարցերը նաեւ մեր օրակարգ բերենք։