44-օրեայ պատերազմէն ետք՝ 2021-2023 թուականներուն, Ատրպէյճանը շարունակական յարձակումներով Սիւնիքի մարզին մէջ գրաւած է կարեւոր ռազմավարական բարձունքներ եւ տարածքներ։ Այս մասին կը գրէ «Հետք»-ը։
Մեր նախորդ հրապարակումներուն մէջ անդրադարձած ենք Գեղարքունիքի եւ Վայոց Ձորի մէջ տեղի ունեցած ատրպէյճանական բռնագրաւումներուն։ Այս մարզերուն մէջ, Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան օրօք, հակառակորդը ընդհանուր առմամբ գրաւած է մօտ 130 քառակուսի քիլոմեթր տարածք։
Սիւնիքի մարզին մէջ բռնագրաւումը տեղի ունեցած է փուլերով՝ երեք տարի շարունակ։ Ատրպէյճանցիները Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժած են քանի մը ուղղութիւններով։
Աւելին՝ սկզբնաղբիւր կայքէն։