image
Հրատապ լուրեր:

Զախարովայէն ուշացած կոչ

Զախարովայէն ուշացած կոչ

Ատրպէյճանական կողմէն Լաչինի միջանցքի մուտքի արգելափակման կապակցութեամբ ուշադրութիւն կը հրաւիրենք այն փաստի վրայ, որ նման գործողութիւնները կը խախտեն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթները։ Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի այս մեկնաբանութիւնը հրապարակուած է ՌԴ ԱԳՆ կայքին մէջ։

«Նման քայլերը կը յանգեցնեն լարուածութեան աճի, չեն նպաստեր Ռուսիոյ օգնութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացող գործընթացի շուրջ նորմալ մթնոլորտի պահպանման։ Կոչ կ'ընենք Պաքուին ամբողջութեամբ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը»,- գրած է Զախարովան։

Զախարովան նաեւ յոյս յայտնած է, որ «Երեւանը դուրս չի գար եռակողմ ձեւաչափերով փոխգործակցութենէն»։

«Անոնց գործունէութեան դադարը բացասաբար կ'անդրադառնայ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի վրայ եւ կը յանգեցնէ յարձակումներու։ Նշած ենք համապատասխան յանձնաժողովի շրջածիրէն ներս հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ ռիթմիք աշխատանքի կարեւորութիւնը։ Պատրաստ ենք տրամադրելու անհրաժեշտ խորհրդատուական օգնութիւն»,-ըսած է ՌԴ դիւանագիտական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը:

«Կը կրկնենք մեր կոչը երկու կողմերուն՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եռակողմ համաձայնագրերուն ամենաբարձր մակարդակով խստօրէն պահպանելու կարեւորութեան, Լաչինի միջանցքի տարածքին մէջ անվտանգութեան ապահովման համար զսպուածութեան ու պատասխանատւութեան գիտակցման վերաբերեալ»,- ընդգծած է Զախարովան։

Ան եզրափակած է, որ ռուսական կողմը պիտի շարունակէ Պաքուի եւ Երեւանի հետ շփումներուն մէջ աշխուժ ջանքեր գործադրել իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ։