Ճօ Պայտընի վարչակազմի՝ Քիեւի վարչակարգին պարսային զինամթերք մատակարարելու որոշումը Միացեալ Նահանգներու յարձակողական հակառուսական ընթացքի հերթական բացայայտ դրսեւորումն է, որ ուղղուած է Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնն ու պատերազմը «մինչեւ վերջին ուքրանացին» երկարացնելուն։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, որու խօսքերը մեջբերած է երկրի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը։
Ըստ Զախարովային՝ այս որոշումը «Ուքրանիոյ ներկայ իշխանութիւններու հոգեվարքը երկարացնելու անամօթ փորձ է՝ հաշուի չառնելով քաղաքացիական զոհերը»։
«Ուաշինկթըն քաջ կը գիտակցի, որ ուքրանացիներու «խոստումները»՝ այդ անխտրական օգտագործման զէնքերը «զգոյշ» եւ «պատասխանատու» օգտագործելու մասին, արժէք չունին։ Ինչպէս տեղի ունեցած է ամէն անգամ, երբ ԱՄՆ-ՆԱԹՕ-ի աւելի շատ մահացու սպառազինութեան համակարգեր յանձնուած են »,- ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։