Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձին՝ 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնին առիթով, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը՝ գլխաւորութեամբ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի եւ , յանուն թրքահայ համայնքին, իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց պետական իշխանութիւններուն՝ մասնակցելով տօնակատարութեան շրջանակին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւններուն։ Այս առիթը նաեւ հերթական անգամ հնարաւորութիւն ընծայեց վերահաստատելու Պատրիարքական Աթոռին եւ պետական շրջանակներուն միջեւ հաստատուած յարաբերութիւնները։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝
29 Հոկտեմբեր 2026, Հինգշաբթի, ժամը 9.30-ին, Հանրապետութեան Տօնին առթիւ, Կուսակալութեան մէջ սարքուած պաշտօնական շնորհաւորական ընդունելութեան մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայան։
Նորին Ամենապատուութիւնը, նոյն օր, յետ միջօրէին, իր կողքին ունենալով Արժ. Տ. Թէոդիկ Քահանան, օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա: Պէշթէփէյի Նախագահական Համալիրին մէջ երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք եւ համերգ, որմէ ետք մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանը։
Սոյն ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Յունաց Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից Րաբունապետ՝ Րավ Տաւիտ Սեվին, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ստանպուլի, Իզմիրի եւ Հաթայի վիճակաւոր եպիսկոպոսները՝ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօն, Մոնս. Մարթին Քմեթէքը եւ Մոնս. Անթուան Ըլկըթը, Հայ Կաթոլիկ Պատրիարքական Կարավարիչ Գերպ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսը։ Հայ համայնքէն ներկայ էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, ինչպէս նաեւ Ստանպուլի Երեսփոխան Տոց. Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Մեր Հոգեւոր Հետը յետ ընդունելութեան, նոյն գիշեր օդային ճամբով վերադարձաւ Աթոռ:
Հանրապետութեան հռչակման 103-ամեակին առթիւ քաղաքիս մէջ 28
Նշենք, որ 28 Հոկտեմբեր 2026, Հինգշաբթի, ժամը 19.23-ին Ուօու Ստանպուլ Հիւրանոցի սրահին կայացաւ Ստանպուլի Կուսակալ Տավուտ Կիւլի սարքած շնորհաւորական ընդունելութիւնը։ Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, սոյն ընդունելութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արի Չոլաքը եւ շնորհաւորեց Մեծայարգ Կուսակալը։