Հակակոռուպցիոն դատարանը Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառած է տնային կալանքը։
Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրած է Յովիկ Աբրահամեանի փաստաբան Երեմ Սարգսեանը։
Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Յովիկ Աբրահամեանին առաջադրուած մեղադրանքի մասին՝ յայտնելով, որ Աբրահամեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ ենթադրեալ յանցաւոր ծագում ունեցող գոյքի՝ հողամասերու օրինականացման մեղադրանքներով, ապա անոր նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։
Երեմ Սարգսեանը նշած է, որ Յովիկ Աբրահամեանը կալանաւորելու միջնորդութեան վերաբերեալ դատական նիստը տեւած է շուրջ 7 ժամ, որու ընթացքին պաշտպանական կողմը ներկայացուցած է իր փաստարկները։
«Միջնորդութեան քննութեան արդիւնքում Դատարանը որոշել է մերժել Յովիկ Աբրահամեանին կալանաւորելու միջնորդութիւնը եւ նրա նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է կիրառուել տնային կալանքը»,- գրած է Սարգսեանը։