image

Դատարանը կը քննէ Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութիւնը

Դատարանը կը քննէ Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութիւնը

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը կը քննէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութիւնը։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Գագիկ Ծառուկեանի մամուլի խօսնակ Իւեթա Տօնոյեանը։

Խափանման միջոցի միջնորդութեան քննութիւնը մակագրուած է դատաւոր Գարիկ Աբելեանին։

Յուլիս 6-ին Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուած եւ տեղափոխուած է Քննչական կոմիտէ։

Աւելի ուշ նա ՔԿ-էն տեղափոխուած է դատարան։

Ծառուկեանին մեղադրանք ներկայացուած է խարդախութեան եւ փողերու լուացման համար։

Գագիկ Ծառուկեանը Քննչական կոմիտէի դիմաց իր դէմ յարուցուած քրէական վարոյթը որակած է որպէս «սարքած»։

«Սարքած է, սուտ ու փուչիկ։ Հակառակն է, ինձ են պարտք։ Նախկին դեսպանները ներկայ են եղել, տեսել են, որ սարքած է, ոչինչ չկայ»,- ըսած է ան՝ դատարան մեկնելէ առաջ։

Աւելի վաղ ՀՀ քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացում կատարելու մեղադրանքով ձերբակալուած են Գագիկ Ծառուկեանը եւ յանցաւոր խումբի եւս մէկ անդամ։

Քննչական կոմիտէի հաղորդմամբ՝ քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս ԱԱԾ-ի, ՊԵԿ-ի եւ ՆԳՆ ոստիկանութեան հետ համատեղ 70-է աւելի հասցէներու մէջ իրականացուած են միաժամանակեայ խուզարկութիւններ։