Քիեւի համար ռազմաճակատին վրայ իրավիճակը օրէ օր կը վատթարանայ եւ շուտով պիտի անցնի անդառնալիութեան շեմը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Ռազմաճակատներուն վրայ իրավիճակը այնպիսին է, որ այն օր ըստ օրէ կը վատթարանայ քիեւեան վարչակարգին համար։ Ընթացքը յստակ է. մեր զինուորականները կը յառաջանան ամբողջ ռազմաճակատի երկայնքով։ Եւ որոշ պահէ մը ետք արդէն քիեւեան վարչակարգին համար պիտի սկսին անդառնալի գործընթացներ»,– նշած է ան։
«Ահա թէ ինչու քիեւեան վարչակարգը կը խածնէ՝ ինչպէս կրնայ»,– ըսած է Փեսքովը՝ մեկնաբանելով Քիեւի կողմէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ ռազմական գործողութիւններու յաճախացումը։