image

Ըստ Փեսքովի կարգ մը երկիրներ հիստերիայի մէջ են

Ըստ Փեսքովի կարգ մը երկիրներ հիստերիայի մէջ են

Եւրոպական որոշ երկիրներ խիստ ջղաձիգ արձագանգեցին Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթիւպի եւ Նորվեկիոյ վարչապետին՝ Փութինի ուղղուած կոչին, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը։

«Եթէ Եւրոպայի մէջ կան գործիչներ, որոնք կը գիտակցին Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան, ապա պէտք է քաջալերել զանոնք», նշած է ան։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կարի Սթորէի եւ Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթիւպի հետ։ Զրոյցի գլխաւոր նիւթը եղած է ուքրանական տագնապի կարգաւորման հարցը։ Կողմերը քննարկած են նաեւ Պալթիք ծովու եւ Եւրոպայի հիւսիսային շրջաններուն մէջ անվտանգութեան ապահովումը։