Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕ-ի երկիրները հետախուզական տեղեկատուութիւն կը հաւաքեն եւ կը փոխանցեն ուքրանական ուժերուն, եւ Ռուսիոյ մէջ այդ մասին շատոնց գիտեն: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, կը հաղորդէ rbc.ru-ն:
«Այն փաստը, որ հետախուզական տուեալներու փոխանակումը տեղի կ'ունենայ ոչ թէ իբրեւ փոխանակում, այլ՝ մատակարարում, եւ որ անոր մէջ ներգրաւուած են ՆԱԹՕ-ի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բոլոր ենթակառուցուածքները՝ հետախուզական տուեալները հաւաքելու եւ ուքրանական կողմին փոխանցելու համար, ակնյայտ է»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ հետախուզական տուեալներ կը փոխանցէ մշտական՝ առցանց ռեժիմով։ Այս մէկը նորութիւն չէ»,-շարունակած է ան։