Կ'առաջարկենք վարչապետի որոշմամբ կարգաւորել միջազգային ատեաններու մօտ յատկապէս Եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի դատաւոր-ներկայացուցիչի նշանակման գործընթացները։
Այս մասին Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին յայտնած է Ներքին գործոց փոխնախարար Արփինէ Սարգաեանը՝ ներկայացնելով «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրինագիծը։
«Վարչապետի որոշմամբ հնարաւոր կը լինի ձեւաւորել յանձնաժողով, հաստատել նաեւ այդ յանձնաժողովի կազմը»,- աւելցուցած է պաշտօնեան։
Նախագիծը ներկայացնելէ ետք փոխնախարարին հարց ուղղած է «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը։ Ընդդիմադիր գործիչը հարցուցած է, թէ իրաւաչա՞փ է, որ վարչապետը նշանակէ ՄԻԵԴ-ի ներկայացուցիչը, այլ ոչ թէ կառավարութիւնը։
Ի պատասխան, Սարգսեան ըսած է․ «Եւրոպական դատարանի դատաւորի ընտրութեան հարցում արդէն իսկ բաւական շատ ֆիլտրող գործիքակազմ կայ, եւ, ըստ էութեան, անկախ նրանից, թէ պետութիւնն ինչպիսի ընթացակարգ ունի, դատարանն ունի իր չափանիշերը։
Եւ մեր փոփոխութիւնները կատարւում են հենց այդ չափանիշերի պահպանմամբ»։