Բարձր հովանիովը Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ու նաեւ օրհնութեամբ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս- Պատրիարք ՆԱԳՏՏ Մինասեանին յառաջիկայ օրերուն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եռամեծ Պատրիարքներէն Կարդինալ Աղաճանեանի աճիւնները Լիբանան պիտի հասնին։
Նշենք նաեւ, որ Կարդինալ Աղաճանեան, որ իր ուրոյն դերն ունեցած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ առհասարակ Մերձ. Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու տարեգրութեանց մէջ ներկայացուած է երանացման եւ այդ առումով ալ արդէն իսկ Վատիկանի մէջ ընթացք առած է կրօնական- դատական գործընթաց մը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ Կաթողիկէ Լիբանանի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերյ Հ. Գրիգոր Պատիշահ եպիսկոպոսին գալիք հոգեպարար արարողութեան առընթեր արտասանած յատուկ պատգամը։
Սիրելի հայորդիներ,
Հաւաքուած ենք, այսօր, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ուրախութեամբ եւ անսահման հպարտութեամբ յայտարարելու համար Լիբանանի խորհրդանիշ, ազգային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն, Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Կարտինալ, Աստուծոյ ծառայ՝ Երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի աճիւններուն Լիբանան ժամանումին մասին։
Հետեւաբար, հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը ականատես պիտի ըլլայ Աստուծոյ Ծառայ՝ Աղաճանեան Կարդինալի աճիւններուն հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութեան, որ պիտի համախմբէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, արտացոլացնելով ազգային միասնականութեան հանդէպ մեր հաւատքը: Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ եւ կրօնական, քաղաքական և հասարակական ականաւոր գործիչներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, Կարտինալ Աղաճանեանի աճիւնները վեհաշուք թափօրով պիտի տեղափոխուին ու ամփոփուին «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ, Տըպաս հրապարակ, Պէյրութ։
Նշենք որ, 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի մէջ ընթացք առած էր Կարտինալ Աղաճանեանի երանացման դատը` մեծարման ուղին այն մեծանուն անձնաւորութեան, որ իր կեանքը նուիրած էր Աստուծոյ եւ ծառայած ազգին: Մենք այսօր կը դիմաւորենք անոր մաքրամաքուր մարմինը, որ պիտի հանգչի նորակառոյց եւ մշտական իր շիրիմին մէջ։
Աղաճանեան Պատրիարքին աճիւններն ընդունիլը ինքնին հասարակ կրօնական բնոյթ չունի, քանզի ան կը կը մարմնաւորէ ազգային եւ միասնականութեան ոգին, եւ այս առիթը տօն է, որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեանը իր կեանքը նուիրաբերած էր ազգին ու եկեղեցւոյ եւ կրած էր մեծ պատասխանատուութիւններ, որոնցմէ ամենէն ուշագրաւը հանդիսացած էր՝ «Հաւատոյ Տարածման» ժողովին նախագահի պաշտօնավարումը, ինչպէս նաեւ անոր պատմական մասնակցութիւնը Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. եւ Պիոս Զ. Քահանայապետերու ընտրութեանց համաժողովին եւ որոնք սրբադասուեցան Ֆրանչիսկոս Քանանայապետին կողմէ 2014 եւ 2018 թուականներուն։
Այս պատմական իրադարձութիւնը կը թուի, թէ կու գայ ամբողջացնելու Ալ-Տուէյհի Պատրիարքի երանացման գործընթացը, զոր տեղի ունեցաւ Օգոստոս 2-ին. քանզի երկուքն ալ լոյսի եւ հաւատքի փարոսներ էին: Անոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցած էին եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին:
Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը մեզի աւանդած է հաւատքի եւ սիրոյ մեծ ժառանգութիւն եւ յուզիչ կտակ մը, ուր արտայայտած էր իր անմնացորդ խոնարհութիւնը եւ անխախտ ցանկութիւնը՝ ապրիլ ու մեռնիլ որպէս հնազանդ որդի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ հետ լիակատար միութեան մէջ: Հակառակ որ ան մահացած էր 16 Մայիս 1971-ին, սակայն անոր յիշատակը վառ կը մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ, որովհետեւ 53 տարիներ անց, անոր սրբութիւնը տակաւին կը բուրէ ամէնուրեք:
Անհամեմատելի է Կարտինալ Աղաճանեանի դերը Լիբանանի պատմութեան մէջ: Ան ձայնն էր բոլոր ճնշուածներուն, թիկունքը՝ անզօրներուն, եւ ջանասիրաբար աշխատած էր միաւորելու բոլոր լիբանանցիները, մերձեցնելու անոնց տեսակէտները, հանդիսանալով բարոյականութեան, առատաձեռնութեան եւ խոնարհութեան տիպար մը, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է բոլորին հոգիներուն մէջ։
Այս օրհնեալ յոյսի նշանով, զոր Աստուած պարգեւեց մեզ, մենք կը շարունակենք այս առաքելութիւնը, կրելով Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արժէքներն ու ժառանգութիւնը եւ լիայոյս ենք, որ վաղը կ՚ունենանք նոր երանելի եւ ապա սուրբ մը, որուն անունը կը բարձրաձայնուի Ս. Խորաններէն, անգամ մը եւս հաստատելով, որ մենք, ազգովին, երբեք յոգնած չենք ծառայութիւն մատուցելէ եւ վկայութիւն տալէ` Աստուծոյ խօսքը տարածելու ի խնդիր աշխարհի բոլոր ծագերուն։ Այս առթիւ, կը շնորհաւորենք Հայ եւ Ընդհանրական Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանահայութիւնը՝ այս մեծ ուրախութեան՝ Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Աղաճանեանի, երէկուան Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ վաղուան սուրբին իր գիրկը վերադարձնելուն համար։
Ուրեմն ան որ երէկուան Կաթողիկոս Պատրիարքն էր, այժմ կը հանդիսանայ վաղուան սուրբը, ինչպէս որ կը տենչան Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները։ Ան Աստուծոյ Ծառան է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն յետոյ իր սրտին մէջ կրած էր իր վիրաւոր ու տեղահանուած ժողովուրդին ցաւերը, որոնք իր աշխատանքի եւ արդար կեանքի ընթացքին վերածած էր յարութեան լուսաշող պատգամի մը, որ կը փայլի մեր ներկայիս օրերու խաւարին մէջ նոյնիսկ, ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն և փորձութիւններուն, որոնք մենք կ՚ապրինք Միջին Արեւելքին մէջ:
Մեզի խոր պատիւ է ձեզ բոլորդ հրաւիրել եւ համախմբել՝ մասնակցելու եւ ապրելու համար այս ազգային եւ հոգեւոր տօնակատարութիւնը, յոյս ունենալով որ այս առիթը՝ միասնականութեան, հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան արժէքները մարմնաւորելու հնարաւորութիւն կը հանդիսանայ մեր սիրելի հայրենիքին մէջ: Թող Կարտինալ Աղաճանեանի հաւատքի եւ սիրոյ ժառանգութիւնը ներշնչում դառնայ ապագայ սերունդներուն։
Շնորհակալութիւն բոլորին եւ ակնդէտ կը սպասենք խուռներամ մասնակցութիւն այս պատմական իրադարձութեան: