Թրքահայ վարժարաններու հիւր աշակերտներու հարցով վերջին օրերուն ստեղծուած անորոշութիւնը, ըստ երեւոյթին, կը փարատի։ Հայաստանէն Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքներու երեխաներուն հայկական վարժարաններ յաճախելու հարցը, որ համայնքային շրջանակներուն մէջ լուրջ մտահոգութիւն ստեղծած էր, այժմ դրական լուծումի ուղիին վրայ կը գտնուի։ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի փոխանցած դիրքորոշումը այն է, թէ հիւր աշակերտներու վերաբերեալ նոր կարգադրութիւն մը չկայ, եւ հայկական վարժարանները պիտի շարունակեն գործել գործող կանոնադրութեան համաձայն։
Այս դրական զարգացումին մասին տեղեկացանք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթէն։
Ստորեւ՝ այդ մասին կատարուած լրատւութիւնը։
Թրքահայ վարժարաններէ ներս ընդունուած հիւր աշակերտներու հարցին շուրջ երէկ դրական նորութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին յայտնեց, որ հայ համայնքի փոքրամասնական վարժարաններու պարագային որեւէ նոր կարգադրութիւն խնդրոյ առարկայ չէ։ Այսպէսով, Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ երեխաներու վերաբերեալ սահմանափակումներու լուրերով սկիզբ առած մտահոգիչ կացութիւնը արդէն յաղթահարուած կը համարուի։
Նախարար Եուսուֆ Թեքին Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուին տեղեկացուցած է, որ թրքահայ վարժարաններու հիւր աշակերտներուն վերաբերեալ նոր կարգադրութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ, գործող կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ տուեալ դպրոցները պիտի կարողանան շարունակել իրենց կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը։