Նոր Բաժանմունքի Հաստատում` Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ Զուիցերիոյ Արմէնոֆաս Հիմնարկը Կը Տրամադրէ 741.728 Տոլարի Յատկացում
Ազունիէի Ազգային Բուժարանը նոր վերականգնողական բաժանմունք պիտի ունենայ՝ Զուիցերիոյ Արմէնոֆաս հիմնարկին կողմէ տրամադրուած 741.728 տոլարի յատկացումով։ Ծրագիրը կը նախատեսէ բուժարանի մասնայատուկ շէնքի ամբողջական վերանորոգումն ու անհրաժեշտ սարքաւորումներու ապահովումը։
Ստորեւ ազգային բուժարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը
Ազունիէի ազգային բուժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարեն, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրանքով Զուիցերիոյ Արմէնոֆաս հիմնարկը բուժարանի մասնայատուկ շէնքի ամբողջական վերանորոգման համար տրամադրած է 741.728 ամերիկեան տոլարի յատկացում:
Նոր բաժանմունքը պիտի օժտուի վերականգնողական յարմարութիւններով (Convalescent կեդրոն), ամբողջական սարքաւորումներով ու լայն կարելիութիւններով:
Այս ծրագիրին գծով բուժարանը սերտ գործակցութիւն պիտի ունենայ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին հետ: Յիշեցնենք, որ 2025-ին գործակցութեան համաձայնագիր մը արդէն կնքուած էր բուժարանին եւ «Օթել Տիէօ»-ի միջեւ:
Ջերմ շնորհակալութիւն վեհափառ հայրապետին, Արմէնոֆասի խնամակալութեան եւ Ազունիէի բուժարանին առաքելութեան նկատմամբ հաւատք ունեցող բոլոր բարերարներուն: