image

Թերթելով Լիբանանի պատմութիւնը․ Պաշիր Ժըմայէլի ընտրութեան օրը

Թերթելով Լիբանանի պատմութիւնը․ Պաշիր Ժըմայէլի ընտրութեան օրը

 44 Տարիներ առաջ, ճիշդ այս օրը, Լիբանանեան բանակի սպաներու վարժարանին՝ «Ֆայատիյէի» մէջ, արտակարգ պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ Շէյխ Պաշիրի նախագահական ընտրութիւնը, որուն մասնակցեցան  62 երեսփոխաններ (Ժըմայէլ նախագահ ընտրուեցաւ ստանալով   ստանալով    57 քուէներ – մինչ նիստին կը մասկանցէին  62 երեսփոխաններ (Եւ այս երկրորդ քուէարկութեան արդիւնքով)) 

 

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք

Զրոյցը, որ տեղի ունեցած էր «աղուէս» խմբագիրի մը հետ, այսպէս էր․

— Իսկ Լիբանանի նախագահ Պաշիր Ժըմայէլի սպանութեան օրը ի՞նչ զգացիք։

Կը պատասխանէր․

— Ոչ մէկ բան։ Աւելին՝ մեզմէ շատեր նոյնիսկ ուրախացան։

Այս պատասխանին տէրը այսօր ելած է, իբրեւ թէ, «ազգային գիծ» պաշտպանելու, մեր հայրենիքի ու եկեղեցւոյ շահերուն պահապանը դառնալու...

Յիշեցնեմ, որ այսօր Լիբանանի Հանրապետութեան հերոս նախագահ Շէյխ Պաշիր Ժըմայէլի ընտրութեան օրն է։

 44 Տարիներ առաջ, ճիշդ այս օրը, Լիբանանեան բանակի սպաներու վարժարանին՝ «Ֆայատիյէի» մէջ, արտակարգ պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ Շէյխ Պաշիրի նախագահական ընտրութիւնը, որուն մասնակցեցան  62 երեսփոխաններ (Ժըմայէլ նախագահ ընտրուեցաւ ստանալով   ստանալով    57 քուէներ – մինչ նիստին կը մասկանցէին  62 երեսփոխաններ (Եւ այս երկրորդ քուէարկութեան արդիւնքով)) 

Նիստին ներկայ էին նաեւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող 4 երեսփոխանները, որոնք միաձայնութեամբ սատարեցին Շէյխ Պաշիրին։

Յիշեցնեմ նաեւ, որ կեդրոն-աջ քաղաքական ընկալումներ ունեցող Ժըմայէլ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ կը պահպանէր լիբանանահայութեան եւ յատկապէս ՀՅԴ-ի հետ։ Ան քանիցս այցելած է լիբանանահայութեան սիրտը համարուող «Սարդարապատ» ակումբ։

Սա՝ պատմութեան համար։ Որպէսզի շատ չնեղսրտիք եւ Պաշիրի հասցէին աւելորդ-պակաս բաներ չգրէք իմ էջիս վրայ։

Հերոս էր Պաշիրը, եւ այդպէս ալ պիտի մնայ ու պիտի սեպուի՝ առ յաւէտ։

Իր մասին յառաջիկայ օրերուն քանի մը գրառումներ պիտի կատարեմ։