Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի յարաբերութիւններու բարելաւման համար առայժմ որեւէ հիմք չերեւիր, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Առայժմ որեւէ հիմք չեմ տեսներ յուսալու, որ մեր յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ պիտի բարելաւուին։ Իշխանութեան ղեկին գտնուող ներկայ քաղաքական գործիչները, ներկայ սերունդի քաղաքական գործիչները, հակամարտային տրամադրուածութիւն ունին՝ ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով։
Անոնք ամբողջութեամբ կ՚օգտագործեն Եւրոպայի ռազմական ներուժը եւ զայն կ՚ուղղեն մեր երկրին դէմ՝ ուղղակիօրէն մասնակցելով մեր դէմ ռազմական գործողութիւններուն», ըսած է Փեսքովը։
Միաժամանակ՝ Փեսքով նշած է, որ Մոսկուան պէտք է «գիտակցի այդ հանգամանքը»։