Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը երկրի ժողովուրդին ուղղուած հեռուստատեսային ուղերձին մէջ Հորմուզի նեղուցի բացումը պայմանաւորած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր պարտաւորութիւններու կատարմամբ, պատժամիջոցներու վերացմամբ եւ Իրանի ֆինանսական միջոցներու ապասառեցմամբ։
Այս մասին կը յայտնէ իրանական IRNA գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի յայտարարութիւնը։
«Եթէ ԱՄՆ-ը կատարէ իր պարտաւորութիւնները, վերացնէ շրջափակումը եւ պատժամիջոցները, վերացնէ նաւթի եւ նաւթաքիմիական արտադրանքի նկատմամբ սահմանափակումները, ապասառեցնէ մեր գոյքերը եւ վերսկսի ներդրումները, ինչպէս նաեւ դադրեցնէ Լիբանանի մէջ ձեռնարկուող գործողութիւնները եւ Իսրայէլը ստիպէ հետեւելու համաձայնեցուած շրջանակին, ապա մենք եւս պիտի բանանք Հորմուզի նեղուցը՝ համակարգի քաղաքականութեան շրջածիրէն ներս կայացուած որոշումներուն համաձայն», յայտարարած է Փեզեշքիանը։
Նշենք, որ օրեր առաջ Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործերու նախարար Մուհամմէտ պըն Ապտէլ Ռահման Ալ Թանին եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքչին քննարկած են Հորմուզի նեղուցով նաւարկութեան ժամանակաւոր միջանցքի ստեղծման հարցը։