image

Իրան կը պաշտպանէ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը. Ապպաս Արաքչի

Իրան կը պաշտպանէ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը. Ապպաս Արաքչի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի Թեհրանի մէջ Լիբանանի Գերագոյն իսլամական շիաներու խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի ալ-Խաթիպի հետ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է Թեհրանի անսասան աջակցութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։

Այս մասին կը յայտնէ իրանական Mehr գործակալութիւնը՝ հանդիպումէն մանրամասնութիւններ հաղորդելով։

Լիբանանի Գերագոյն իսլամական շիաներու խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի ալ-Խաթիպի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Թեհրան՝ մասնակցելու Իսլամական միասնութեան 40-րդ համաժողովին։

Ան Արաքչիին ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ ստեղծուած վերջին իրավիճակը եւ երկրին դէմ Իսրայէլի շարունակական յարձակումը, ինչպէս նաեւ գովաբանած է Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումները՝ լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր ինքնիշխանութեան աջակցելու հարցով։

Արաքչին շնորհակալութիւն յայտնած է ալ-Խաթիպին համաժողովին մասնակցելուն համար եւ ընդգծած Իրանի յատուկ ուշադրութիւնը Լիբանանի դէմ պատերազմի դադրեցման եւ իսրայէլեան ուժերու կողմէ գրաւուած լիբանանեան տարածքներէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան վրայ։