Օրացուցային թուարկումով ձմեռնային եղանակը չուշացաւ եւ Յունիս 21-ին Հարաւի Մեծ Մայրաքաղաքին մէջ ջերմազուրկ արեւապայծառ ցուրտ օր մըն էր, ծառերը ոսկեզերծուած եւ անտերեւ:
Նոյնը կարելի էր ըսել Յուլիսի 1-ին համար, միեւնոյնշաբթի մը եւս, եթէ քանի մը օր առաջ զգուշացուցած չըլլային «բեւեռային ռումբ»ին մասին, որ այդ օր «պայթեցաւ» եւ լուրերու տիրապետող խորագիրներէն եղաւ. տարուան ամենացուրտ օրը:
Պէտք չէ չափազանցել: Ոչինչ որ գէթ մօտենայ բուռն ձմեռներու գրական նկարագրութեանց որոնցմէ, պատահաբար, կ'ընտրես այդ օր ընթերցածդ բաղդատական կարգով.
«Le vent soufflait la neige en rafales au ras du sol. Elle effaçait tout, les routes, les panneaux de signalisation des hôtels et des restaurants, les champs vides, les arbres squelettiques, mon manteau, mon visage ; elle effaça tous mes pas jusqu’au grand boulevard où circulaient les bus. Elle effaçait aussi les empreintes de pneus de l’été d’il y a deux ans, la pluie torrentielle, les essuie-glaces, la boue, les baskets maculées. De tout cela, il ne restait plus trace.» (Kang Han, Pars, Le Vent Se Lève, Éd. Decrescenzo, 2015)
Դէպի գործատեղի գնացքին մէջ, բջիջայինին վրայ լուրերը կը կարդայիր, լուրերը լաւ չէին, գործընկերոջդ տեղեկացուցած ես որ ճամբու վրայ ես եւ ժողովին կը հասնիս, իր մէսէյճը կու գայ. «պոն վուայաժ... քաքէն ցուրտ է... փողոցին մէջ ըլլալը Անթարթիտա ճամբորդելու պէս բան մըն է այսօր:» Միշտ ուզած ես սառցապատ այդ ցամաքամասը այցելել, ցուրտի անապատին մէջ, առանձին... «Անթարթիտան այսօր պերճանքային զբօսաշրջիկութեան համար է: Մօտ ապագային թեքնոմիլառատէրերու եւ իրենց ծառաներուն փակ գաղութավայրի պիտի վերածուի: Մինչ այդ փորձենք վայելել ինչ որ կը հրամցնէ:» Ամառն ու արեւը չսիրելու մէջ արտասովոր ոչինչ կայ:
Անթարթիտայէն առաջ Փաթակոնիայի անմարդաբնակ տարածքներն են, բեւեռային քամիներու ազատ շրջագայութիւն, որ պատճառ դարձած է գիւղի մը մէջ անձնասպանութիւններու համաճարակի մը, ինչպէս Լէյլա Կեռիերօ պատումած է իր ամենէն հանրածանօթ լրագրաստեղծագործական գիրքերէն մէկուն մէջ (Leila Guerriero, Los Sucidas del Fin del Mundo, Planeta, 2012): Անմարդաբնակ ջրառատ տարածութիւններ, իտէալ Արուեստական Իմացականութեան Տուեալներու Կեդրոններով քաղաքակրթելու համար, ինչպէս արդէն կը ծրագրեն Հրակ մոլորակն ու, անկէ առաջ, Անթարթիտան գաղութայնացնելու ծրագիրներ մշակող թեքնոմիլիառատէրերը: Կարեւորը առաջին կեդրոնին բացումն է՝ մեծ խանդավառութեամբ, մեծ խորագրերով, առանց եւ ոչ մէկ սոցիալական դիմադրութեան: Յետոյ, ինչ որ փոքրածու երկրի մը պատգամաւորներուն նման, իրենց իրենց կը վերարտադրեն շնորհիւ իրականութիւն դարձած եռաչափ հսկայ տպագրաշինարարական սարքերու: Իրականութիւն կը դառնայ տասնիններորդ դարու երկրի հիմնադիրներէն Ալպերթիի պատգամը. «Կառավարելը բնակեցնել է»: Ոչ անպայման մարդ արարածներով:
Տուեալներու Կեդրոններու հեռանկարով խանդավառ է մինչեւ իսկ հիւսիսային Մենտոսա նահանգի մէջ գործարար մը: Գործի այցելութեամբ հոն էիր, արդէն Յուլիս է, առաջացած ձմեռ, իր խանդավառութիւնը կ'արձանագրես զեկուցելու համար:
Օդանաւը արդէն հասած է տասը հազար մեթր բարձրութեան, օդաչուն ներողութիւն կը խնդրէ որ սպասարկութիւն պիտի չըլլայ մէկուկէսէն երկու ժամուայ այդ թռիչքի ընթացքին: «Անտեան լեռնաշղթային կողմէ ջերմութեան ալիք մը կրնայ պատճառ ըլլալ ցնցումներու:»
Յուլիսեան մնացեալ օրերը պիտի ըլլան նուազ ցուրտ, երբեմն տաք, նոյնիսկ խոնաւ: Լաւ չես քնանար: Կը կարծես լուրերէն է, որ լաւ չեն, բայց կը սխալիս. կլիմայական փոփոխութիւնը իր ազդեցութիւնը ունի մարդոց քունին վրայ, ըստ գիտական ուսումնասիրութեան մը:
Դիմատետրի օգտագործող մը սեւուսպիտակ էռոթիք պատկերով մը հրաժեշտ կու տայ Յուլիսին. «Goodbye to the last day of July» ցանկութեան հորիզոն մը ուրուագծելով երեւակայութեանդ մէջ:
Օգոստոսին յաւելեալ «բեւեռային ռումբ»եր կը սպասուին:
Առաջացող ձմեռ է հիմա Հարաւի Մեծ Մայրաքաղաքին մէջ:
Օր մը ցուրտ, օր մը աւելի ցուրտ, օր մը ոչինչ...