Պիշքեքի մէջ կայանալիք Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին պիտի մասնակցին 17 պետութիւններու ղեկավարներ, այդ շարքին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան եւ այլ առաջնորդներ։ Այս մասին յայտնած է Ղրղզստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը։
Մասնակիցներու շարքին են նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ, ԱՊՀ-ի գլխաւոր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ, ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Թաալաթպէք Մասատիքով։
Կը հաղորդուի, որ մասնակիցները պիտի քննարկեն միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգը, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան հետագայ զարգացումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը քաղաքական, առեւտրատնտեսական, փոխադրական, թուային, բնապահպանական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ։
Կ՚ակնկալուի, որ գագաթնաժողովին պիտի ընդունուի կազմակերպութեան 25-ամեակին նուիրուած հռչակագիր, շարք մը որոշումներ եւ թեմատիկ յայտարարութիւններ։
Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու խորհուրդի նիստը տեղի պիտի ունենայ Ղրղզստանի մայրաքաղաքին մէջ՝ Օգոստոս 31-էն Սեպտեմբեր 1։