image

Գարեգին Ա.՝ Հայ Եկեղեցւոյ մեծերէն մէկը

Գարեգին Ա.՝ Հայ Եկեղեցւոյ մեծերէն մէկը

Ամերիկահայ  մեր ազգայիններէն՝ Զարեհ  Արզումանեան կը գրէ՝ 

Այսօր աղօթքով եւ խորին յարգանքով կը յիշենք երանելի յիշատակի արժանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ իր կեանքով, հոգեւոր ծառայութեամբ եւ ազգային տեսլականով անջնջելի հետք ձգեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ։

Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի անունը միայն մէկ ժամանակաշրջանի կամ մէկ սերունդի չի պատկանիր։ Անոր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ՝ գերազանցելով մեր օրերու եւ գալիք սերունդներու ժամանակի սահմանները։ Իր խոհուն առաջնորդութեամբ, համազգային տեսլականով եւ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ անսակարկ նուիրումով, ան դարձաւ մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն հոգեւոր առաջնորդներէն մէկը։

Թող Ամենակալն Աստուած խաղաղութեան եւ յաւիտենական լոյսի մէջ հանգչեցնէ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սուրբ հոգին՝ երկնային հրեշտակներու հովանիին ներքեւ։

Յաւերժ փառք եւ երախտագիտութիւն Վեհափառ Հայրապետի անմար յիշատակին։

Զարեհ Արզումանեան