image

Երբ զէնքն է դատաւորը…

Երբ զէնքն է դատաւորը…

Հօրս դէմքին վրայ արտասովոր ու անբացատրելի խռովք մը կար: Կը զգայի, որ ան կը տառապէր եւ իր անձին հետ կռիւի մէջ էր: Հակառակ իր ամենօրեայ սովորութեան՝  շրթնահարմոն (harmonica) չնուագեց ու չերգեց : Անկարելի էր հայրս տեսնել առանց երգի, կամ նուագի: Հակառակ իր կորուստներուն ու ցաւերուն՝ ան երբեք չէր դժգոհեր եւ երաժշտութեան մէջ մխիթարութիւն կը գտնէր: Հաւատացեալ մարդ էր, իսկական քրիստոնեայի կեանք կը վարէր: Բարութիւնը եւ դրականութիւնը իր նկարագիրը յատկանշող գիծեր էին: 

-Հայրի՛կ, ի՞նչ ունիս։ Ինչէ՞ն վրդոված ես։

-Սիլվա՛, աղջիկս, երէկ, երբ հրթիռներու տեղատարափը ականջ կը խլացնէր, ներսէս ձայն մը անընդհատ կ՚անհանգստացնէր զիս ու կ՚ըսէր. « Փօ՛լ, ելի՛ր եւ աշխատավայրդ գնա՛»: Երբ հրթիռներուն գոռոցը քիչ մը մեղմացաւ, առանց ձեզի բան մը ըսելու գացի աշխատատեղս եւ անսպասելի դէպքի մը ականատես դարձայ: 

Բարկութեամբ ընդհատեցի հօրս խօսքը:

-Հայրի՛կ, իրա՞ւ կ՚ըսես։ Երէկ առանց մեզի լուր տալու մինչեւ Մար Մըխայէլ գացիր։ Աստուած չընէ, եթէ քեզի բան մը պատահէր, ես ու քոյրս ի՞նչ պիտի ընէինք։ Չի բաւեր, որ մայր կորսնցուցած ենք, քեզ ալ կորսնցնելով  անտէր-անտիրական կը դառնայինք: 

Զայրոյթէս, նոյնիսկ չուզեցի լսել հօրս՝ վրդովմունք պատճառած պատահարին մանրամասնութիւնները : Քանի մը ժամ առանձնանալէ ետք, սենեակէս դուրս ելայ ու հայրս եւ քոյրս ընթրիքի սեղան հրաւիրեցի: Հայրս ներողամտութիւն խնդրողի տեսք ունէր, բայց ես ներելու պատրաստակամութիւն չունէի: Վստահ գիտէի, որ ան վաղը նոյնպէս հրթիռներու տարափը անտեսելով պիտի երթար իր աշխատավայրը։ 

Հայրս երկար տարիներ աշխատած էր արեւմտեան Պէյրութի Զէյթունիէի շրջանին, Նիւ Ռոյալ  պանդոկին մէջ։ Թէեւ ան շատ յոգնած տուն կը վերադառնար, բայց բարեհամբոյր մօրս ու մեր չարաճճի ներկայութիւնը  մղիչ ուժ կը դառնար, որ ան սիրայօժար  կատարէր իր հայրական առաքելութիւնը: Ան ամէն այգաբացին Աստուծոյ փառք կու տար ու «վերակազդուրուած» կը փութար աշխատավայր։ 

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբին, պանդոկը քանդուեցաւ ու հօրս  ապրուստ ապահովող կառոյցը անհետացաւ: 

Մայրս քաղցկեղով հիւանդ էր ու Պէյրութի  Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ կը բուժուէր: Եղբայրս Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ կ՚ուսանէր, իսկ ես ու քոյրս ալ աշակերտներ էինք: 

Հայրս առանց տատամսելու ընդունեց առաջին իսկ աշխատանքի հնարաւորութիւնը, որ յայտնուեցաւ իր դիմաց: Մեր թաղի բնակիչ Պարոն Ակոճեանը Ամերիկա պիտի մեկնէր ու հայրս ստանձնեց անոր գործը՝ Մար Մըխայէլի Dodge ինքնաշարժներու վաճառատան մէջ: Ճիշդը չեմ գիտեր, թէ հայրս ի՞նչ գործ կ՚ընէր, կամ աւելի ճիշդը՝ ի՞նչ չէր ըներ: Գործատէրը իմանալով, որ հայրս հինգ հոգինոց ընտանիք ունի եւ եկամուտի կարիք, կրցածին չափ չարաշահեց անոր բարեացակամութիւնը:

Պատերազմը սաստկացաւ, երկրին եռուզերը չքացաւ, գործարանները փակուեցան, օր ցերեկով գողութիւնն ու կողոպուտը շատցան: Հետեւաբար մէկը պէտք էր, որ հսկայ Dodge- ի վաճառատան տէր կանգնէր: Հօրս յանձնուեցաւ բանալիներու մեծ տրցակ մը եւ պատասխանատուութիւնը՝ 24 ժամ գողութենէն պահպանելու նոր ինքնաշարժները, նորոգութեան համար օգտագործուող փոխնորդ կտորներն (spare parts) ու գործիքները: Հայրս իրեն վստահուած գործը կը կատարէր այնպէս, ինչպէս Աւետարանի պատուիրանները կը պահէր: 

Գիշերներ ես ու քոյրս առանձին կը մնայինք մեր «կրճատուած» տան մէջ…։ Բարեբախտաբար բարի դրացիներ ունէինք: 

Միտքս կը հանգստանար, երբ ռումբերը կը լռէին ու թէեւ փխրուն, բայց յուսադրող խաղաղութիւն մը կը տիրէր։ Հօրս աշխատավայրը գործաւորներով ու յաճախորդներով կը լեցուէր, ու բնականոն առօրեան կը վերադառնար: Սակայն սոսկում կ՚ապրէի, երբ պատերազմը կրկին կը բռնկէր ու հայրս խաղաղ օրերու ռիթմով հրթիռներուն տակ գործի  կ՚երթար ու գիշերը վաճառատան «անձեռմխելիութիւնը» կ՚ապահովէր: 

-Հայրի՛կ, ճամբան ճանճ չկայ, ամէն մարդ ապաստանարաններուն  մէջ խցկուած է, իսկ դուն ո՞ւր կ՚երթաս: Քու սեփական գործատեղդ չէ, եւ եթէ նոյնիսկ ըլլար, թող փճանար, կողոպտուէր, այրէր: Ինչ կ՚ուզէ թող ըլլար: Քու հոգիդ մեզի համար շա՜տ աւելի սուղ է, քան աշխարհի բոլոր հարստութիւնը: 

Հայրս կը յամառէր եւ «ես Աստուծոյ կը վստահիմ» ըսելով ճամբայ կ՚ելլէր: Իր մօտ պարտականութեան գիտակցութիւնը ամէն ինչէ վեր էր: 

Հօրս վրդովմունքն ու անհանգիստ հոգեվիճակը քանի մը օր շարունակուեցաւ ու ես որոշեցի մեղադրական շեշտս մէկդի ձգել ու զինք լսել: 

-Սիլվա՛, հակառակ որ վաճառատունը կղպուած էր, բայց ի զարմանս իրողութեան, գործաւորներէն մէկը  ներսն էր: Ան զիս տեսնելով՝ խիստ այլայլեցաւ, դեփ դեղին կտրեցաւ ու իր հաւաքած գողօնէն հրաժարելով՝ իրերը իրենց տեղերը վերադարձուց: Բայց հարցը այսքանով չվերջացաւ: Ան շատ խիստ ու թունաւոր նայուածքով չափչփեց  զիս, ապա սպառնաց. «Եթէ յանկարծ գործատիրոջ լուր տաս, հաշիւդ ես կը մաքրեմ...»: Հաւատա՛ Սիլվա՛, ապշած էի. վրդովմունքս ու զարմանքս սահման չունէին: Սա իմ ճանչցած մա՞րդն էր, որ վստահութիւնս եւ նոյնիսկ համակրանքս շահած էր: 

Հօրս սպառնացող գործաւորը, որուն անունն  ու դէմքը լաւ կը յիշեմ, արաբ դերասան՝ Ռշտի Ապազային կը նմանէր եւ իր քաղցրախօսութեամբ՝ «թսլամ»,  «թքրամ», «հապիպի» բառերով բոլորին սիրտը  գրաւած էր: Յաճախ գործատիրոջ խնդրանքով անոր տունը կ՚երթար եւ երկու անչափահաս տղոց հեծիքները կը կազմէր, կը նորոգէր, նոյնիսկ ընտանիքի անդամներէն մէկուն ինքնաշարժ վարել կը սորվեցնէր։ 

Հօրս համար հանելուկը լուծուած էր։ Իր քովի տրցակէն բանալի  պակսած չէր, վստահաբար գործատիրոջ բանալին օգտագործուած էր...:

Հայրս որոշած էր անպայման գործատիրոջ տեսնել ու յայտնել եղելութիւնը: Բարեբախտաբար այդ օրերուն բջիջայինները գոյութիւն չունէին, ու պատերազմին պատճառով ընթացիկ հեռաձայնները չէին աշխատեր:

Հոս արդէն ես էի ամէնէն շատ սարսափի մատնուածը: 

-Հայրի՛կ, հաճիս, խոստացիր, որ գործատիրոջ լուր պիտի չտաս: Կ՚աղաչեմ, կը խնդրեմ, որ լռութիւնդ ամէն գնով պահպանես: Այս օրերուն մարդոց «գլուխը տաք է », մէկ կապարով մարդ կը սպաննեն...: 

-Չէ՛, անկարելի է. սկզբունքի հարց է. պէտք է անպայման գործատիրոջ լուր տամ: 

-Հայրի՛կ, եթէ պատերազմական օրեր չըլլային, ես կը քաջալերէի քեզի, որ եղելութիւնը տեղեկացնես գործատիրոջդ եւ յանցագործը ստանար իր արժանի պատիժը: Սակայն այս օրերուն ո՞ւր է արդա՛ր դատաստանը: Այսօր դատախազին մուրճին փոխարէն զէնքն է վերջին վճիռը  արձակողը: Հա՛յրս, հոգիդ սիրեմ, մոռցի՛ր այս դէպքը եւ մեր հաշիւն ալ ըրէ...: 

Օրեր  ռմբակոծումը շարունակուեցաւ, եւ հայրս չկրցաւ գործատիրոջ տունը երթալ: Ան իր քունը կորսնցուց, տառապեցաւ ու իր անձին հետ մենամարտեցաւ: Ինչպէ՞ս լռէր, ինչո՞ւ լռէր. չէ՞ որ յանցագործին «ծածկելը» անոր մեղսակից դառնալ կը նշանակէր: Ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէր ու հանգիստ խիղճով նայէր գործատիրոջ աչքերուն: 

Հոս նշեմ, որ հայրս, եթէ Աստուածավախ ու արդար մէկը չըլլար գործատիրոջ հանդէպ ոչ մէկ պարտաւորութիւն պիտի զգար: Ան հօրս տարիներ նոյն ամսականը վճարեց՝ արժեզրկուած Լիբանաեան դրամանիշով, մինչ ինքը ինքնաշարժները կը ծախէր ամերիկեան դրամանիշով: Առաւել՝ պատերազմի ամէնէն անապահով օրերուն հօրս անխնայ աշխատցուց եւ խելքէ-միտքէ չանցած գործեր բարդեց անոր ուսերուն:

Վերջապէս նախախնամութեան տնօրինումով մեղապարտը հօրս աչքէն ու աշխատավայրէն հեռացաւ: Գործատէրը շատ ցաւալի ու ցնցող պատահարէ մը ետք - որ չեմ ուզեր պատմել-  խնդրոյ անհատին գործէն արձակեց: 

Վստահ չեմ, եթէ մեղապարտին վտարումով հօրս ներքին խռովքը  յանգեցաւ, եւ անոր ականջներուն մէջ թունաւոր սպառնալիքը  կրկին ու կրկին չարձագանգեց...: 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...