Ռուսական կողմին ուղղուած հայկական կողմի վերջին կարգ մը պնդումներն ու դժգոհութիւնները զարմանք եւ յոյզեր կ՚առաջացնեն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
«Մենք փոխվարչապետներու մակարդակով կանոնաւոր շփումներ ունինք։ Հայերը հետաքրքրող որեւէ հարց կարելի է քննարկել, ներառեալ՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»ի հետ կապուած իրավիճակը, որ կը գտնուի «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան կառավարման ներքեւ։ Զարմանքով կը լսենք, թէ ինչպէս այդ հարցերը… Եթէ նոյնիսկ անոնք ծագած են, ըսէ գործընկերոջդ, թէ այդ մասին ինչ կը մտածես», ըսած է նախարարը։
«Սակայն ասոր փոխարէն հայկական կողմէն հրապարակային յայտարարութիւն կ՚ըլլայ, թէ այդ ընդհանրապէս իրենցն է, եւ մենք իրենց ընդհանրապէս 2 միլիառ տոլար պարտք ենք։ Կը հասկնամ, որ սա, տնտեսական վերլուծութեան վրայ հիմնուած գնահատականներէն բացի, մեր քաղաքացիներուն մօտ յոզեր կ՚առաջացնէ։ Ես բացառութիւն չեմ», նշած է Լաւրով։
Պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ չկրկնել նոյն սխալները, ինչպէս եղաւ Ուքրանիոյ պարագային, նախարարը ընդգծած է, որ ռուսական կողմէն ամէն ինչ կատարուած է։
«Մեր բոլոր դիրքորոշումները եւ այն առաւելութիւնները, որոնք Հայաստանը կը ստանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն՝ մեզմէ ուժանիւթ ստանալով Եւրոպական միութեան գիներէն 3-4 անգամ աւելի աժան։ Կը մեկնիմ այն կանխադրոյթէն, որ հոն լաւ տնտեսագէտներ կան», աւելցուցած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը։