image

Ուքրանիոյ դեսպանը կանչած են Թուրքիոյ ԱԳՆ

Ուքրանիոյ դեսպանը կանչած են Թուրքիոյ ԱԳՆ

Անգարայի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Նարիման Ճելալը կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ Սեւ ծովու մէջ թրքական առեւտրական նաւու եւ յաջորդ օրը զայն քարշակելու համար ուղարկուած մէկ այլ նաւու վրայ յարձակման առնչութեամբ, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները։

«Օգոստոս 26-ին Թուափսէի ափերուն մօտ՝ Սեւ ծովու մէջ, թրքական ընկերութեան կողմէ շահագործուող Lider Bordo Mavi նաւուն վրայ յարձակումէն եւ յաջորդ օրը զայն քարշակելու համար ուղարկուած L Kocatepe նաւուն վրայ եւս թիրախաւորումէն ետք, Անգարայի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանը կանչուած է նախարարութիւն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հանդիպման ընթացքին դիւանագէտին ներկայացուած է յարձակումներուն վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը։ Համապատասխան նախազգուշացումներ տրուած են նաեւ Սեւ ծովու մէջ մարդոց, գոյքի, նաւարկութեան եւ շրջակայ միջավայրի անվտանգութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։