image

Յաջողուեցաւ մօտեցնել Պաքուի եւ Երեւանի մօտեցումները. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Յաջողուեցաւ մօտեցնել  Պաքուի եւ Երեւանի մօտեցումները. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ կը քննարկուի տարածաշրջանին մէջ երկաթուղային եւ մայրուղիի հաղորդակցութեան գործարկումը` ի շահ Երեւանի, Պաքուի եւ անոնց հարեւաններուն:

 

Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային բոլոր կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ աշխատանքը եռակողմ խումբի շրջանակներուն մէջ կը շարունակուի: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի վարչութեան փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւը:

«Յունիս 3-ին Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ աշխատանքային խումբի հանդիպման, ինչպէս նաեւ Սան Փեթերպուրկի միջազգային ֆորումի շրջանակին մէջ համանախագահներու շփումներու արդիւնքներով` որոշակի յառաջընթաց գրանցուեցաւ, յաջողեցան մօտեցնել Երեւանի եւ Պաքուի դիրքորոշումները ճանապարհային հաղորդակցութիւններու վերականգնման տարբեր երեասկներու շուրջ: Ինչպէս յայտնի է, եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ կը քննարկուի տարածաշրջանին մէջ երկաթուղային եւ մայրուղիի հաղորդակցութեան գործարկումը` ի շահ Երեւանի, Պաքուի եւ անոնց հարեւաններուն: Իրենց աշխատանքի արդիւնքներուն մասին համանախագահները առանձին պիտի տեղեկացնեն լրատուամիջոցներուն, երբ ձեռք բերուին յստակ պայմանաւորուածութիւններ», ըսած է ան: