Ապրիլ 29-ին «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը եւ «ՀայաՔուէ» միաւորումը ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր: Այս մասին յայտնած է «ՀայաՔուէ» դիմատետրեան էջը։
««Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի ներկայութեամբ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի համակարգող-ներկայացուցիչ Նարեկ Կարապետեանը եւ «ՀայաՔուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորման համակարգող Աւետիք Չալաբեանը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր, որով կողմերը յանձն են առել միաւորելու իրենց ջանքերը՝ Ազգային ժողովի 2026-ի յունիսի 7-ի ընտրութիւնների միջոցով հասնելու գործող վարչախմբի հեռացմանը եւ նոր ազգային իշխանութեան ձեւաւորմանը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը եւ «ՀայաՔուէ» միաւորումը համաձայնած են միասին իրականացնել նախընտրական քարոզարշաւը՝ ելլելով իրենց քաղաքական ծրագիրներու առաւելագոյն համադրումէն, ինչպէս նաեւ՝ համատեղ իրականացնել ընտրական գործընթացի օրինականութեան վերահսկողութիւնը։