«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիսթինէ Վարդանեանը կարեւորած է ընդդիմադիր ուժերու համագործակցութեան շուրջ ընթացող քննարկումները։ Վարդանեանն այս մասին ըսած է խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ժամանակ՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին։
Լրագրողը հետաքրքրուած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի հետ հնարաւոր համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Ռոպերթ Քոչարեան-Սամուէլ Կարապետեան հնարաւոր հանդիպման վերաբերեալ։
Վարդանեանի խօսքով՝ «Հայաստան» խմբակցութիւնն այն ուժերէն է, որ դեռ նախընտրական շրջանէն խօսած է համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին։
«Մենք ենք եղել այն ուժը, որ այդ թւում նաեւ նախընտրական շրջանում ասել է՝ այո, համագործակցութիւն անհրաժեշտ է, որովհետեւ ստեղծուած իրավիճակում չկայ մի քաղաքական ուժ կամ մի անհատ, որ կարող է միայնակ խնդիրներ լուծել»,-ըսած է Վարդանեանը։
Անոր գնահատմամբ՝ ներկայիս ընդդիմադիր դաշտին մէջ այդ ուղղութեամբ գործընթաց սկսած է։
«Ուրախ ենք, որ հիմա գնում ենք այդ ճանապարհով»,- նշած է պատգամաւորը։
Վարդանեանը յստակ մարդոց հանդիպումներու կամ հնարաւոր համագործակցութեան մանրամասնութիւններու մասին տեղեկութիւն չէ յայտնած՝ նշելով, որ այժմ կ՚ընթանան քննարկումներ։
«Կոնկրետ մարդկանց հանդիպումների մասին, բնականաբար, ես չեմ կարող ասել։ Հիմա կան քննարկումներ, առողջ քննարկումներ, որոնց արդիւնքները, կարծում եմ, առաջիկայում կը դրսեւորուեն»,-ըսած է ան։
Պատգամաւորի խօսքով՝ կարեւոր է, որ կայ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան գիտակցում։
Անոր գնահատմամբ՝ առաջիկայ փուլին, այդ շարքին՝ Սահմանադրական դատարանի կողմէ ընդդիմադիր ուժերու բողոքներու քննարկման ժամանակ, աւելի տեսանելի պիտի դառնայ, թէ ինչի շուրջ կ՚ընթանան քննարկումները եւ համատեղ աշխատանքը։
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանն օրերս յայտարարած էր, որ կը սկսի ընդդիմադիր դաշտի քաղաքական ուժերու համախմբման գործընթաց։ Ան նշած էր, որ կ՚ուզէ ձեւաւորել յետընտրական ընդդիմադիր դաշինք։