Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ յայտարարեց, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմի դադարեցման նպատակով ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրը պիտի գործադրուի անմիջապէս՝ նախատեսելով Հորմուզի նեղուցի վերաբացումը եւ Իրանի նաւահանգիստներուն վրայ ամերիկեան ծովային շրջափակումին անհապաղ դադրեցումը։
Միւս կողմէ, Սպիտակ տան հրապարակած տեսանիւթը ցոյց տուաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Վերսայի պալատին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հիւրընկալած ընթրիքէն առաջ, ստորագրեց Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը։ Շերիֆ նաեւ յայտնեց, որ ուրբաթ օրը Զուիցերիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդանշական հանդիսութիւն եւ պիտի մեկնարկեն կողմերուն միջեւ արհեստագիտական բանակցութիւնները։