Ուքրանիոյ ներքին գործոց հայազգի նախարար Արսէն Աւագովը հրաժարականի դիմում գրած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ korrespondent.net կայքը:
Գերագոյն ռատան պիտի քննարկէ դիմումը 15 Յուլիսին:
Ինքը՝ Աւագովն, այսօր Ռովէնի մարզ է, ուր տեղի ունեցած են ՆԳՆ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ:
Տեղեկութիւնը հաստատուած է ՆԳՆ մամուլի ծառայութեան կողմէ:
«Համաձայն Ուքրանիոյ նախարարներու գրասենեակի մասին օրէնքի 18-րդ յօդուածի առաջին մասի` ես դիմում ներկայացուցեր են ներքին գործոց նախարարի պաշտօնէն ազատուելու մասին: Շնորհակալութիւն ՆԳՆ խումբին `տարիներու համատեղ աշխատանքի համար: Շնորհակալութիւն իւրաքանչիւր սպային, շարքայինին եւ քաղաքացիական ծառայողին: Պատիւ ունիմ»,-մէջբերած է Աւագովին ՆԳՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Աւագովը Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը կը զբաղցնէր 2014 թուականէն: