ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքարի հետ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքը։
Նշուած է, որ երկու պաշտօնեաները քննարկած են Հորմուզի նեղուցին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները։
ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ բոլոր առեւտրային նաւերը պէտք է անյապաղ կատարեն ամերիկեան ուժերու հրահանգները, քանի որ անոնք կը ձգտին պահպանել խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը նեղուցին մէջ։
Ռուպիոն ընդգծած է, որ «ԱՄՆ-ի կողմէ Հորմուզի նեղուցի շրջափակման խախտումներն ու իրանական քարիւղի ապօրինի տեղափոխումը պիտի չհանդուրժուին»։
ԱՄՆ-ի զինուած ուժերը 2026 թուականի Ապրիլէն շրջափակած է Հորմուզի նեղուցէն արեւելք գտնուող հատուածը՝ Օմանի ծոցի եւ Արաբական ծովու մէջ։ ԱՄՆ-ի բանակի Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած էր, որ շրջափակումը պիտի վերաբերի դէպի իրանական նաւահանգիստներ եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկող բոլոր նաւերուն։