image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեանը Լիւքսըմպուրկի մէջ կը մասնակցի ԵՄ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստի ձեւաչափով քննարկման

Միրզոյեանը Լիւքսըմպուրկի մէջ կը մասնակցի ԵՄ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստի ձեւաչափով քննարկման

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Լիւքսեմպուրկի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ձեւաչափով քննարկման։

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Արարատ Միրզոյեանը քննարկման կը մասնակցի Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասի հրաւէրով։