image

Ֆրանսայի եւ Լիբանանի ԱԳ նախարարները քննարկած են Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատելու հարցը

Ֆրանսայի եւ Լիբանանի ԱԳ նախարարները քննարկած են Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատելու հարցը

 

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսէֆ Ռաժժին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ եւ քննարկած Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերող հարցեր։ Այս մասին Եուսէֆ Ռաժժին գրած է X-ի իր էջին վրայ։

«Հանդիպում ունեցայ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ, որուն հետ քննարկեցինք Լիբանանի ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ պետութեան առջեւ ծառացած շարք մը զգայուն մարտահրաւէրներու վերաբերող հարցեր»,– նշուած է գրառման մէջ։

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ Պարոն 2025-ի ամառէն ի վեր քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած որոշումներն ու դիրքորոշումները բնորոշած է որպէս «քաջ» եւ վերահաստատած է Ֆրանսայի աջակցութիւնը ընթացող բանակցութիւններուն, թէեւ Փարիզ անոնց անմիջական կողմը չէ։

Ռաժժին յոյս յայտնած է, որ այս բանակցութիւնները պիտի յանգին հրադադարի հաստատման եւ իսրայէլեան ուժերու ամբողջական դուրսբերման։

«Ես շեշտեցի, որ Լիբանանը պիտի չընդունի, որ որեւէ մէկը իր անունով բանակցի, եւ որ զէնք կրելու իրաւունքը բացառապէս պետութեան վերապահելու որոշումը վերջնական ու անշրջելի է»,– ըսած է ան։

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հետ համաձայնած են աջակցիլ լիբանանեան բանակին եւ ամրապնդել անոր կարողութիւնները, քանի որ բանակը Լիբանանի դիրքերը ամրապնդող հիմնական յենասիւնն է բանակցային գործընթացին մէջ։

«Պարոն Պարօ նաեւ յայտարարած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ կազմակերպելու միջազգային համաժողով՝ ի նպաստ ռազմական հիմնարկին»,– աւելցուցած է նախարարը։