Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կ'աշխատին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առաջարկներու մանրամասներու վրայ, որոնք կրնան ներկայացուիլ 2023 թուականի փետրուարին։ Այս մասին յայտնած է The Wall Street Journal-ը՝ յղում ընելով ամերիկեան ու եւրոպական աղբիւրներուն։
Անոնց խօսքով՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի խումբը կ'աշխատի ծրագրի մանրամասներու վրայ, որ, ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, բաղկացած է 10 կէտէ։