image

Ուքրանիան Գերմանիայէն Taurus տիպի թեւաւոր հրթիռներ կ՚ակնկալէ

Ուքրանիան Գերմանիայէն Taurus տիպի թեւաւոր հրթիռներ կ՚ակնկալէ

Ուքրանիան Գերմանիայէն Taurus թեւաւոր հրթիռներ խնդրած է, գրած է գերմանական Spiegel պարբերականը։

Գերմանիան Ուքրանիոյ խնդրանքն ստացած է վերջին օրերուն, տեղեկացուցած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։ Երկիրը որեւէ լրացուցիչ մանրամասնութիւն չէ նշած նամակին մէջ, օրինակ, թէ քանի միաւոր հրթիռ կ'ուզէ։

Քանի մը օր առաջ Գերմանիոյ Քրիստոնէական-դեմոկրատական միութեան ներկայացուցիչ, պաշտպանութեան գիծով փորձագէտ Ռոտերիխ Քիզեվէթեր կողմ արտայայտուած էր Ուքրանիոյ գերմանական Taurus թեւաւոր հրթիռներ տրամադրելուն։ Անոր խօսքով՝ 500 քիլոմեթր հեռահարութեամբ հրթիռները Ուքրանիոյ թոյլ կու տան «հարուած հասցնելու ռուսական ռազմական ենթակառուցուածքին ճակատի գիծէն բաւական հեռու»։ Մօտ 600 Taurus գնուած է պունտեսուէրի (գերմանական զինուած ուժեր) համար տասը տարի առաջ։ Անկէ «մօտ 150»ը կ'աշխատի նաեւ այսօր։

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուս զգուշութեամբ արձագանգած է Քիզեվէթերի առաջարկին։

Ան ըսած է. «Իմ կարծիքով՝ մենք պէտք է աջակցինք Ուքրանիոյ բոլոր համակարգերով, որոնք թոյլատրելի են միջազգային իրաւունքով եւ անհրաժեշտ են յաղթանակի համար, եւ որոնք մենք կրնանք տրամադրել»։